Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կու գանք ծանուցելու, որ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը իր արտակարգ ընդհանուր ժողովը կը գումարէ 4-9 օգոստոս 2014, Զմմառու դարաւոր վանքի նորակառոյց «Արծիւեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ՝ Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Միաբանութեան պատրիարքական Փոխանորդ`Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանին եւ Վարչութեան:
Զմմառու դարաւոր վանքը իր խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ ընդունեցաւ աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքուած միաբան հայրեր, եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ:
Ժողովի բոլոր օրերուն, Սուրբ և Անմահ համապատարագ կը մատուցուի Զմմառու վանքի Մայր եկեղեցիին մէջ: Երկուշաբթի 4 Օգոստոսին, տեղի ունեցաւ «Արծիւեան» սրահի յուշաքարի և Երջանկայիշատակ Աբրահամ Ա. Արծիւեան կաթողիկոսի պատկերի օրհնութիւն, որմէ ետքը սկիզբ առին միաբանական ժողովի նիստերը:
Միաբանական այս ժողովը խորհրդակցական բացառիկ նիստ մըն է, որովհետեւ կը գումարուի Միջին Արեւելքի այս տագնապալի օրերուն, երբ քրիստոնեայ հատուածները բռնութեան ու հալածանքի կ'ենթարկուին:
Ժողովի ընթացքին կը քննարկուին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած բազմատեսակ մարտահրաւէրները, որոնք կը վերաբերին հոգեւոր, եկեղեցական, հասարակական եւ ընկերային հարցերուն:
Միաբանական ժողովի օրակարգի հիմնական նիւթերն են.
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան եւ Թեմական Առաջնորդութիւններու միջեւ յարաբերութեան մշակում:
Միաբանական կեանքի եւ միաբանական հարցերու քննարկում եւ արժեւորում: Միաբանին յարաբերութիւնը վարչութեան եւ մայրավանքին հետ, ինչպէս նաեւ միաբաններուն կեանքը թեմերու մէջ:
Քահանայական եւ միաբանական կոչումի տագնապը ներկայ դարուն
Միաբանութեան հովուական առաքելութիւնը Հայաստանի առաջնորդութեան մէջ:
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան առջեւ բաց է լուսաշող առաքելութեան դաշտը: Կարեւոր է միացնել ճիգերը, համադրել ուժերը եւ միասիրտ ու միախորհուրդ՝ բերել լիաբուռն օժանդակութիւնը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարքական Աթոռին եւ Պատրիարքական Կղերին Միաբանութեան վերելքին: