Ո՜վ ցաւագին Տիրամայր, ահա քու առջեւդ կը խոնարհիմ իբր խեղճ մեղաւոր: Ընդունէ՛ աղօթքներս եւ արցունքներս:
Ողջոյն քեզ Մարիամ...
Ո՜վ ցաւագին Մարիամ, բարեխօսէ՛ ինծի համար, որ քեզի կը դիմեմ: Ո՜վ ցաւագին Տիրամայր, հոգիս յուսահատ է եւ կարիքներու բեռին տակ կքած: Զօրացո՛ւր եւ մխիթարէ` զիս զաւակդ: Կը սիրեմ քեզ եւ կը պաղատիմ քեզի:
Ողջոյն Քեզ Մարիամ...
Ո՜վ ցաւագին Մարիամ, բարեխօսէ՛ ինծի համար, որ քեզի կը դիմեմ: Ո՜վ ցաւագին Տիրամայր, սրտիս մէջ կը ծագի յոյսը՝ թէ զիս պիտի լսես անպայման: Այս է շնորհքը (...) որ կ'ակնկալեմ քեզմէ եւ ամբողջ սիրտս կը նուիրեմ քեզի:
Ողջոյն Քեզ Մարիամ...
Ո՜վ ցաւագին Մարիամ, բարեխօսէ՛ ինծի համար, որ քեզի կը դիմեմ: Ամէն:
Տէր Յիսուս, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը Քեզ շատ սիրեց իր կեանքին ընթացքին ու յաճախ դիմեց Քեզի արտասանելով Քու Ս. Անունդ։ Ան՝ իր կեանքն ալ զոհեց Քու սիրոյդ եւ ժողովուրդիդ փրկութեան համար՝ յանձն առնելով չարչարանքներն ու մարտիրոս- ութիւնը։ Շնորհէ՛ մեզի, ո՜վ Տէր, անոր բարեխօսութեամբ, հետեւեալ շնորհքը..., զոր Քեզմէ կը խնդրենք, որպէսզի կարենանք հետեւիլ անոր օրինակին, նմանիլ անոր առաքին- ութիւններուն եւ տեսնել օր առաջ անոր պսակումը փառքով, զոր Եկեղեցին կը շնորհէ սուրբերուն։ Ամէն։
Հայր մեր... Ողջոյն քեզ... Փառք Հօր...
**Չկա**