Կիրակի 9 Ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ՝ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցեց Զմմառու Մայրավանքի ընդհանուր մատակարար և զոյգ դպրեվանքերու տեսուչ՝ Գեր. Հ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան:
Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարչական Հայրեր, դպրեվանքի սաներ ու խուռներամ բազմութիւն մը հաւատացեալներու: Ծաղկազարդի տօնին առթիւ եկեղեցին զարդաուած էր դափնիի, ձիթենիի, ինչպէս նաեւ արմաւենիի ճիւղերով իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ: Պատարագիչ վարդապետը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ծաղկազարդի խորհուրդին, ըսելով որ «Ծաղկազարդը առաջին հանգրուանն է Աւագ Շաբթուայ և Ս. Զատկուայ: Այսօր կը տօնենք Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, որուն պիտի յաջորդէ Քրիստոսի վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, որոնց պսակումը պիտի ըլլայ հրաշափառ յարութիւնը»:
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ ձիթենիի օրհնութիւն: Այնուհետեւ պատարգիչ Հայրը, Վարչական Խորհուրդը, «Ս. Միքայէլ» և «Երանելի Մալոյեան» Դպրեվանքի սաները, ինչպէս նաեւ ուխտաւոր հայորդիներ թափօրով ուղղուեցան դէպի վանքի շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ Անդաստան և աշխարհի չորս ծագերու օրհնութիւն, որուն յաջորդեց Դռնբացէքի արարողութիւնը: