Շաբաթ 6 Յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին, Զմմառու Վանքի Մայր Տաճարին մէջ, Զմմառու Մայրավանքի Ընդհանուր Մատակարար՝ Հ. Անտոն Վրդ. Նորատունկեան Ս. Պատարագ մատուցանեց: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարչական Հայրեր, դպրեվանքի նորընծաներ և հաւատացեալ ժողովուրդ: Գերապատիւ Հայրը իր քարոզին մէջ, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, ըսաւ թէ՝ Յայտնութիւնը Քրիստոսի աստուածային բնութեան յաւիտենական ճշմարտութիւնն է: Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ ջուրի օրհնութիւնը Ս. Միւռոնով կը կատարուի, որպէս աստուածային օրհնութիւն և դարման հիւանդութեանց: Աւելի՛ն, մարդոց նոր արարած ըլլալու շնորհքը կը տրուի»: Ս. Պատարագի աւարտին՝ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ աւանդական Ջրօրհնէքի կարգը: Այնուհետեւ հոգեւոր Հայրերը, դպրաց դասն ու հաւատացեալները հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան վանքիս մայր դահլիճը, ուր Տնօրհնէք և յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն և փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան: