Շաբաթ 6 Յունուար 2018-ին, կէսօրուայ ժամուն, Զմմառու վանք այցելեց հայ ժողովրդային երգիչ՝ Յարութ փամբուկճեան, ընկերակցութեամբ իր նուագախումբի անդամներուն և արուեստագէտ Պրն. Անթուան Պեզճեանի:
Վանքի դահլիճին մէջ, Վարչական Հայրերը դիմաւորելէ ետք յարգոյ հիւրերը, հակիրճ նկարագրականը կատարեցին Զմմառու վանքի հիմնադրութեան, որմէ ետք յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ: Այնուհետեւ անոնք շրջագայեցան վանքիս զանազան մասերը՝ մայր տաճար, թանգարան, մատենադարան և գինեմառան: Մեծապէս տպաւորուած վանքի հոգեշունչ մթնոլորտէն, վանքիս մայր տաճարին մէջ, Պրն. Փամբուկճեան հայ եկեղեցւոյ շարականներէն մասունք մը ներկայացուց ներկաներուն. երգ մը որ աւանդ մնացած էր իր հանցուցեալ մօրմէն: Այցելութեան աւարտին հիւրերը սրտագին գոհունակութիւն յայտնեցին այս սիրալիր ընդունելութեան համար, որ անթառամ պիտի մնայ իրենց յիշողութեան մէջ: