Երեքշաբթի 13 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, նախաձեռնութեամբ Հռիփսիմեանց վարժարանի առաքինազարդ քոյրերուն, Զմմառու վանք այցելեցին Հռիփսիմեանց վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի առաքինազարդ քոյր Հակինթ Մուրատեանի և այլ պատասխանատուներու:
Վարժարանի սաները մօտէն ծանօթացան Զմմառու վանքին պատմութեան և յաջորդաբար այցելեցին մայր տաճար, թանգարան և մատենադարան և մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, նկատի ունենալով որ Զմմառու վանքը պատմական անցեալ ունի: Այցելու հիւրերը անմոռանալի օր մը անցնելէ ետք՝ Զմմառու վանքէ մեկնեցան իրենց հետ տանելով քաղր յիշատակներ: