Շաբաթ 11 Նոյեմբեր 2018-ին, լոյս տեսաւ` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի 《կանչ հրեշտակապետին》 տարեգիրքի 19-րդ համարը, ձօնուած` դպրեվանքի բարերարներէն` Միքայէլ Աղա Յովհան Բաբումեանի մահուան 225-ամեայ յոբելեանին:
2018-ի թիւը համակողմանի, ներդաշնակ թեմաներու ծաղկաքաղ մըն է` ձօնուած դպրեվանքի գլխաւոր բարերար Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի մահուան 225-ամեայ յոբելեանին:
Տարեգիրքին նիւթերը, քանակական եւ որակական առումներով, բովանդակալից են. ընդգրկուած թեմաները այլազան են, անոնք հինգ ընդհանուր խորագիրներու տակ տեղադրուած են:
– Առաջին բաժնին մէջ ստորգրած են Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ, Զմմառու վանքի մեծաւոր, Պէյրութի թեմի կաթողիկէ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան:
Խմբագրական` խմբագիր Սօսէ Փիլաւճեան:
Տեսուչ հօր խօսքը` Գրիգոր վրդ. Պատիշահ:
Փոխտեսուչ հօր խօսքը` Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան:
Դպրեվանքի հոգեւոր հօր խօսքը` Գէորգ արք. Խազումեան:
– Երկրորդ բաժինը յատկացուած է յոբելեաններու, որոնք այս տարի խանդավառած էին համայն հայութիւնը` հայրենիքի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի մէջ:
– Երրորդ բաժինը դպրեվանքի կիսասարկաւագներուն արձանագրած ձեռքբերումներու ներկայացումն է. անոնց համալսարանական աւարտաճառերուն ամփոփումը:
– Չորրորդ բաժինին մէջ, շաբաթական դրութեամբ, կիսասարկաւագներ` Կարօ Գլընճեանի, Վարդան (Պասել) Ճալլուֆի եւ Լեւոն (Ժիւլիան) Ստեֆանի ներկայացուցած քարոզներէն երկուքական նմուշներ ներառուած են:
– Հինգերորդ եւ վերջին բաժնին մէջ հրատարակուած են ազատ նիւթեր: