Կիրակի, Մայիսի 19-ի, երեկոյեան, Զմմառու Վանքի հասարակութիւնը ժամանեց Զահլէի Տիրամայր Ֆաթիմայի եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, զոր մատոյց Գերպծռ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանը՝ Պատրիարքական փոխանորդը Զմմառու Կղերի Միաբանութեան։
Հոգեպարար արարողութենէն ետք` հաւատացեալները մասնակից դարձան Վարդարանի ջերմեռանդութեան թափօրին, զոր աւանդութեան համաձայն աղօթելով շրջեցաւ եկեղեցւոյ յարակից թաղերը: