Պատրիարքական Փոխանորդը պաշտօնի վրայ կը մնայ 6 տարի և կը նախագահէ Միաբանութեան ընթացիկ հարցերու տնօրինումին: (Յօդ. 110)
Պատրիարքական Փոխանորդը պարտի հսկել իւրաքանչիւր միաբանի կեանքին ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Միաբանութեան ինչքերուն մատակարարումին վրայ՝ համաձայն Կանոնագիրքին: (Յօդ. 112)
Պատրիարքական Փոխանորդը պարտի մշակել եղբայրական յարաբերութիւններ բոլոր միաբաններուն հետ, որոնք հասարակութենէն դուրս կը մնան առաքելական կամ այլ պատճառներով:
Ան կը հետաքրքրուի անոնց զանազան կարիքներով, առողջական վիճակով և հոգեւոր կեանքով, այնպէս որ կը ջանայ Միաբանութեան մէջ արմատացնել հասարակութեան ոգին: (Յօդ. 113)
Պատրիարքական Փոխանորդը, ըստ հնարաւորին, իր պաշտօնավարութեան շրջանին, գոնէ մէկ անգամ այցի կ'երթայ առաքելութեան մէջ գործող միաբաններուն: (Յօդ. 114)
Պատրիարքական Փոխանորդը կը ներկայացնէ Միաբանութիւնը իր յարաբերութիւններուն մէջ աշխարհական և հոգեւորական իշխանութիւններուն հետ: (Յօդ. 119)
Պատրիարքական Փոխանորդը կրնայ նաեւ Զմմառավանքին մեծաւորն ըլլալ, Պատրիարքին դատումին համաձայն որ այս նիւթիւն շուրջ կը խորհրդակցի Վարչական Խորհուրդին հետ: (Յօդ. 120)