Պատրիարքական Փոխանորդ
Պատրիարքական Փոխանորդը պաշտօնի վրայ կը մնայ 6 տարի և կը նախագահէ Միաբանութեան ընթացիկ հարցերու տնօրինումին: (Յօդ. 110)
Պատրիարքական Փոխանորդը պարտի հսկել իւրաքանչիւր միաբանի կեանքին ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Միաբանութեան ինչքերուն մատակարարումին վրայ՝ համաձայն Կանոնագիրքին: (Յօդ. 112)
Պատրիարքական Փոխանորդը պարտի մշակել եղբայրական յարաբերութիւններ բոլոր միաբաններուն հետ, որոնք հասարակութենէն դուրս կը մնան առաքելական կամ այլ պատճառներով:
Ան կը հետաքրքրուի անոնց զանազան կարիքներով, առողջական վիճակով և հոգեւոր կեանքով, այնպէս որ կը ջանայ Միաբանութեան մէջ արմատացնել հասարակութեան ոգին: (Յօդ. 113)
Պատրիարքական Փոխանորդը, ըստ հնարաւորին, իր պաշտօնավարութեան շրջանին, գոնէ մէկ անգամ այցի կ'երթայ առաքելութեան մէջ գործող միաբաններուն: (Յօդ. 114)
Պատրիարքական Փոխանորդը կը ներկայացնէ Միաբանութիւնը իր յարաբերութիւններուն մէջ աշխարհական և հոգեւորական իշխանութիւններուն հետ: (Յօդ. 119)
Պատրիարքական Փոխանորդը կրնայ նաեւ Զմմառավանքին մեծաւորն ըլլալ, Պատրիարքին դատումին համաձայն որ այս նիւթիւն շուրջ կը խորհրդակցի
Առաջին Խորհրդական
Առաջին վարչական (Յօդուած 134)
Կ'օգնէ Պատրիարքական Միաբանութեան Կղերի Ընդհանուր Փոխանորդին՝ անոր պաշտօնին գործադրումին մէջ և զայն կը փոխարինէ, երբ ան կը բացակայի: Այս պարագային՝ կրնայ զբաղիլ միայն ընթացիկ գործերով: Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան նաեւ Միաբանութեան «Զուարթնոց» պարբերաթերթի պատասխանատու խմբագիրն է և վանքիս մշակութային գործերուն որպէս
Ընդհանուր Քարտուղար
Ժողովներուն ատենագրութիւնները կը խմբագրէ, ապա զանոնք ստորագրել կու տայ բոլոր ժողովականներուն: (Յօդ. 139)
Պատրիարաքական Փոխանորդին կ'օգնէ անոր թղթակցութիւններուն մէջ և խղճմտուեամբ կը պահէ պաշտօնի գաղտնիքները կը խմբագրէ Միաբանութեան պարբերաթերթը: (Յօդ. 140)
Խնամքով կը պահպանէ Միաբանութեան դիւանը: (Յօդ. 141)
Ընդհանուր Մատակարար
Կը տնտեսէ Միաբանութեան բոլոր ինչքերը՝ Պատրիարքական Փոխանորդին և Վարչական Խորհուրդին ողղութեան և հսկողութեան ներքեւ: (Յօդ. 145)
Ամէն տարեգլխուն՝ Ընդհանուր Մատակարարը օգնական հաշուապահին, վանքին և ընծայարանին ներքին մատակարարին գործակցութեամբ կը պատրաստէ Միաբանութեան տարեհաշիւը, զոր կ'ենթարկէ Վարչական Խորհուրդին՝
Ներքին Մատակարար
Ներքին մատակարարը վանքին և ընծայարանին մատակարարն է: Կը հոգայ անոնց խնամքն ու ծախսերը: (Յօդ. 158)
Սերտօրէն կը գործակցի ընդհանուր մատակարարին հետ, որ կը յարգէ անոր պատասխանատուութիւնները և կը թիւրացնէ գործը: (Յօդ. 159)