Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան տեղապահի նախագահութեամբ՝ Զմմառի մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր Ժողով, Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2011-ին, մասնակցութեամբ արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոս եւ 28 պատուիրակ վարդապետներու:
28 Հոկտեմբեր 2012-ին, Միաբանական զանազան հարցերու քննարկումէն ետք, ժողովականները անցան ընտրութեան, որուն արդիւնքով՝ Հայր Գաբրիէլ Վրդ. Մուրատեան ստացաւ ձայներու համեմատական մեծամասնութիւնը եւ ընտրուեցաւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Փոխանորդ և Մեծաւոր Զմմառու Վանքին: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը հաստատեց կատարուած ընտրութիւնը: Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը ընտրեց նաեւ չորս վարչականներ, յանձինս՝ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանի՝ առաջին Խորհրդական եւ Վանքի Փոխ Մեծաւոր, Հ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեանի՝ ընդհանուր մատակարար եւ Տեսուչ Զմմառի «Երանելի Մալոյեան» ընծայարանին եւ «Ս. Միքայէլ» կղերանոցին, Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի՝ Միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար, մատենադարանապետ, թանգարանապետ ու լուսարար եւ Հ. Եղիա Վրդ. Դերձակեանի՝ ներքին մատակարար: