Զմմառի Կանոնագիրքը իշխանութիւն կու տայ Միաբանական Ընդհանուր Ընտրաժողովին՝ ընտրելու նոր պատրիարքական փոխանորդը եւ չորս վարչականները, նաեւ կենսական որոշումներ առնելու:
Միաբանական ընդհանուր Ընտրաժողովի ընթացքին՝ մանրակրկիտ կը քննարկուին Միաբանութեանս մարտահրաւէրներ, վերատեսութեան կ'ենթարկուին բարեկարգչական եւ հասարակական հրահանգներն ու կանոնները, կը քննարկուին նաեւ դպրեվանքի վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս՝ վերակացուներուն պաշտօնը և աշակերտներու ընդունելութիւնը: