Դարերու ընթացքին, Սիսի ու Էջմիածնի կաթողիկոսներէն ոմանք եկեղեցիներու միութեան գործը յաջողցնելու համար, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետներուն իրենց յարգանքը, մեծարանքը և հպատակութիւնը յայտնեցին:
Վերոյիշեալ կաթողիկոսներէն ու պատրիարքներէն ոմանք Սրբազան Քահանայապետներուն նամակներ գրեցին, իսկ ոմանք՝ պատուիրակներ, ոմանք ալ անձամբ գացին, սակայն զանազան պատճառներով միութեան այդ շատ կարեւոր գործը չիրականացաւ:
Գիտենք որ անմահ Հ. Ալիշան, իւրայատուկ մեղուաջան աշխատանքով հաւաքած է Հռոմի Ս.Աթոռի և մերայնոց միջեւ տեղի ունեցած բոլոր թղթակցութիւնները: Անոնք ստուար հատորներ կը կազմեն և թանկագին ու փառաւոր էջեր են Հայոց պատմութեան մէջ:( Թուղթ Հովուական, Կարդինալ Աղաճանեան, էջ 83)
Ս. Աթոռին հետ յարաբերութիւններու այս ընդհատ տարուբերուող վիճակը վերջ գտաւ, երբ 1742ին յանձին Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեանի՝ մեծանուն Բենեդիկտոս ԺԴ. Ս. Քահանայապետը վերանորոգեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայրապետութինը, որուն, 1867ին, կցուեցաւ նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր Թեմականներով: