Հիմնադիր Զմմառու Վանքին:
Յակոբ Յովսէփեան Հալեպցի երիտասարդը տասը տարի Քատիշայի Ս. Անտոն վանքին մէջ կրօնաւորական կեանք վարելէ ետք, իր ծննդավայրը կը վերադառնայ եւ Հալէպի առաջնորդ Արծիւեանի ձեռքով վարդապետ կը ձեռնադրուի 1720-ին:
1735-ին, Հալէպ դառնալով որպէս տեղապահ, Յակոբ վարդապետ կը յաջողի փաշային ձեռքով եկեղեցի մը ունենալ եւ Արծիւեանն ալ Հալէպ վերադարձնել (1739): Արծիւեան, Հալէպ հասած, Յակոբ վարդապետը եւ ուրիշ երկու վադապետներ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ անոնց՝ Պատրիարք կ'օծուի 26 նոյեմբեր 1749-ին:
Յակոբ Եպս.
Ժամանակ մը Հալէպի ին թեմը հովուելէ ետք, կը հարկադրուի ապաստանիլ Քրէյմ, Արծիեանի մօտ: 35 տարիներ Արծիւեանի որպէս օգնական ծառայելէ ետք, անոր վախճնումէն ետք, անոր յաջորդ կ'ընտրուի 14 Հոկտ. 1740-ին:
Իր 4 տարինէրու Պատրիարքութեան կարճատեւ շրջանը կը յատկացնէ Զմմառու վանքը կառուցանելու եւ հոն Պատրիարքութեան Աթոռը Քրէյմէն փոխադրելու 1749-ին, ինչպէս հրահանգած էր հիմնադիր Պատրիարք Հայրը, որուն կենդանութեան օրով իսկ վանքին շինութեան ձեռնարկած էր:
Յակոբ Բ. Աբրահամ Արծիւեանին հետ, հիմնադիրը եղաւ թէ՛ Անտոնեան Միաբանութեան եւ թէ՛ Քրէյմի վաքին: