Կառոյց հին սեղանտունը իր յարակից խոհանոցով եւ մառանով:
1867-1928 տարիներուն պատրիարքական Աթոռը կը փոխադրուի Պոլիս:
Սակայն շինարարութիւնները չեն դադրիր: Ադրէաս Գերպ. Աղեքսանդրեան Մեծաւորը (1880-1909) կը կառուցանէ ներկայ զանգակատունը 1901ին, արաբական ճակատով մը կը ճոխացնէ հին ընծայարանին շէնքը: Կը բանայ վանքին նեկայ կառուղին: Յովհաննէս Ծ.Վ. Գուզեան (1909-1911) կը կառուցանէ մեծ դահլիճը՝ արդեամբ Պօղոս Պետրոս ԺԲ. Պատրիարքին, 1909ին: Կարապետ վրդ. Պատուհասեանի մեծաւորութեամբ օրով՝ ելեկտրականութիւնը մուտք կը գործէ վանքէն ներս 1932ին: 1940ին, Քերովբէ Ծ.Վ. Քատեյեանի օրով՝ կը կառուցուի Զմմառի Տիրամօր մատուռը, զոր կ՛օծէ Գրիգոր Պետրոս ԺԷ. Աղաճանեան: Նոյն տարին կը բարձրանայ «Կարդինալին յարկաբաժին»ը, մատրան զուգահեռ: 1941ին Նապէ Ասալ ակին ջուրը Վանք կը հասնի: Նախապէս, հասարակութիւնը կը գործածէր ջրհորին մէջ ամբարուած անձրեւի ջուրը: Նոր ջուրերու Վանք հասնիլը՝ զարկ կու տայ մերձակայ հողերու մշակումին: 1946ին, հեռախօս կը հաստատուի: Նոյն տարին, եկեղեցին կը «նորոգուի», ներքին փոփոխութիւններ կը մուծուին: Կը կանգնի Միաբանից Դամբանը: 1948ին, Զմմառի նոր Ընծայարանի շէնքը, արդեամբ Ամեն. Ամեն. Աղաճանեան եւ Պաթանեան Հոգեւոր Տէրերուն: 1963ին կը կառուցուի թանգարանի եւ քահանայից բնակութեան նոր Թեւը: 1975ին, զանգակատունը կ՛օժտուի հայկական զմբէթով: 1976ին, կը կառուցուի կազդուրման կայանը Զմմառիմօտիկ: 1979ին, 300 ամեակի նորոգութիւններ եւ սարքաւորումներ Վանքէն ներս: