Զմմառու վանքը դարերու պատմութիւն ու մշակոյթ ունի: Ան կը հանդիսանայ աշխարհիս հայ մշակոյթի հինգերորդ կեդրոնը: Այսօր անոր յարկին տակ կը պահպանուին 2000 ձեռագրեր և 900 հայ հնատիպ գիրքեր:
Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեանի ապա անոր յաջորդ սրբալոյս Կաթողիկոսներուն անձնական թողօնը՝ որպէս հիմնաքար պիտի ծառայէին թանգարանին գալիք բոլոր հարստութիւններուն:
Մեր Հայրուն ստեղծած այս հոգեւոր և մշակութային կեդրոնը, նման հայկական հին Վարդապետարաններուն, այսօր իր մէջ կ'ամփոփէ մատենադարան, գրադարան և թանգարան, ինչպէս նաեւ բազմաբնոյթ սրահներ՝ Ձեռագիրներու, Հնատիպ և ժամանակակից գիրքերու, ընթերցասրահ և թանգարանային զանազան արժէքաւոր նմուշներու ցուցափեղկեր, Քարտէսներու բաժին, հին լուսանկաներու բաժին:
Զմմառու Պատրիարքական միաբանները ժրաջան մրջիւններու նման, իրենք զիրենք սնունդէ զրկելով, դէպի Զմմառ հայ վանք կեդրոնացուցին հայ մշակոյթի այս գանձերը, յաճախ զանոնք փրկելով անդարձ կորուստէ: Ծպտուած որպէս ջորեպաններ կամ վաճառականներ, անոնք փնտռեցին ու գնեցին կողոպտուած վանքերու առարկաները: Կը պատմուի թէ թանկագին շուրջարներէն մին՝ գրաստի մը քամակին տարածուած էր. վրան ալ՝ քիւրտ հեծեալ մը: Ժամանակի արհաւիրքները սպառնացին Հայոց փառաւոր անցեալի ոգիին ու նկարագրին ցոլացումն եղող այս հայ մշակութային արժէքներուն, սակայն Զմմառու միաբանները անոնց պաշտպան կանգնեցան, նոյնիսկ ի գին իրենց արեան: 1915-ի սեւ օրերուն վանքը գիշերով պաշարումի ենթարկուեցաւ թուրք հեծեալներու կողմէ: Վանականները գիշերով իրենց կռնակին վրայ փոխադրեցին 1500-է աւելի ձեռագրեր ու երկու դար պատմութիւն պահպանող դիւան: Զանոնք տարին ու պահեցին «Մար Շալիթա» կոչուած ամենամօտիկ վանքը, ուր երկար ատեն պահուած մնալէն՝ անոնք դժբախտաբար խոնաւութեան պատճառով վնասներու ենթարկուեցան:
Լիբանանը՝ Զմմառով Հայը ճանչցաւ: Էմիր Պէշիրի օրով՝ այս կայքը այնքան կարեւորութիւն ստացաւ, որ կաթողիկոսները դարձան անոր լաւագոյն խորհրդականները: Հոս էր, որ Էմիր Պէշիրը կը թողուր իր գանձերն ու ընտանիքը, երբ կը հարկադրուէր երկար ժամանակով բացակայիլ Լիբանանէն: Մինչեւ օրս պահուած ունինք անոր երախտապարտութիւնը արտայայտող թանգարանային առարկաներ:
Մշակոյթի այս Կեդրոնը նպաստն է հայ վանքի դարաւոր առաքելութեան ի սպաս Հայ մշակոյթին, զոր կը հռչակէ և կը ծանօթացնէ ողջ աշխարհին, առ այս՝ կազմակերպելով ցուցահանդէսներ, գիտաժողովներ և հրապարակային այլ ձեռնարկներ:
https://bzommarvank.com/cultural-center/2016-10-03-20-34-07#sigFreeId81ddaeb8a5