Ներածութիւն
Զմմառի բազմադարեան հաստատութիւնը՝ տարիներու հոլովոյթին, մեծ խնամքով պահած է մշակոյթի, պատմութեան ու գեղարուեստի վերաբերեալ բոլոր իրեղէնները, որոնք սեփականացուցած է միաբաններու յոգածութեամբ ու ջանքով և կամ ստացած է իբր նուիրատուութիւն՝ բարերարներու կողմէ: Վանքը այցելող ազգայիններուն՝ գուրգուրանքով ցուցադրած է զանոնք, իբրեւ հայ արուեստի գեղատիպ նմուշներ և կամ հայ մատենագրութեան փառաւոր աւանդներ:
Արշակ Չօպանեան այցելելով Զմմառի հայ վանքը 22 մայիս 1921-ին, հետեւեալ տողերը կ'արձանագրէ վանքի յուշամատեանին մէջ. « Մեծապէս ուրախ եմ այցելած ըլլալուս Զմմառու վանքը, որուն անունն ու համբաւը տղայութեան օրերէս իմացած էի: Գտայ հոն հայկական տաք ու մաքուր մթնոլորտ մը, Լիբանանի մէկ բարձունքին վրայ Հայաստանի կտոր մը գտայ: Անցեալին մէջ հայ ազգային ու մտաւոր կեանքի վառարան մը հանդիսացած այս վանքը՝ վաղը շատ աւելի ազգօգուտ հաստատութիւն մը պիտի դառնայ անշուշտ և ազատագրեալ Հայաստանին զօրացման ու պայծառացման պիտի սատարէ, կեցցէ՛ Զմմառու Հայկական Միաբանութիւնը»:
Զմմառի վանքի թանգարանի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 5 Յունիս 1966-ին: Թեհրանէն՝ Պրն. Պօղոս Չիլոյեան՝ ազգասէր և մեծանձն բարերար, հոգաց թանգարանի կառուցման ծախսերը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը օժտեց կառուցուած սրահները գեղակերտ ցուցադարաններով և ցուցասեղաններով:
Թանգարանը կը կազմէ հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր հանգրուաններու պահպանման կեդրոն: Հոն կը գտնուին հեթանոս չաստուածներու արձանիկներ, հայ թագաւորներու պատկանող հայկական հին դրամներու ճոխ հաւաքածոյ, որուն մէջ կը գտնենք, օրինակի համար, դրամներ Մեծն Տիգրանի դիմանկարով՝ Քրիստոսէ առաջ 95-էն մինչեւ 55 տարիներուն, ինչպէս նաեւ հայոց միջնադարուն պատկանող հնութիւններ:
Թանգարանին մէջ սրահ մը յատկացուած է հին ու արդի հայ գեղանկարիչներու գործերուն:
Զմմառի թանգարանին նշանաւոր հնութիւններէն կը նկատուի Ս. Պետրոս Առաքեալի Ա. Թուղթը՝ մագաղաթի վրայ՝ յունարէն լեզուով գրուած. Ինչպէս նաեւ Քրիստոսի Խաչի մասունք և փշեպսակէն փուշ մը, ու բազմաթիւ սուրբերու մասունքներ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ծունկոսրը:
Մեծն Էմիր Պէշիրի (1788-1840) օրով ՝ այս կայքը այնքան կարեւորութիւն ստացաւ որ Կաթողիկոսները դարձան լաւագոյն խորհրդականները այդ մեծ Լիբանանցիին: Հոս էր որ ան կը թողուր իր գանձերն ու ընտանիքը, երբ կը հարկադրուէր երկար ժամանակ բացակայիլ Լիբանանէն: Խուցերու մէջ պահուած ունինք անոր երախտապարտութիւնը արտայատող առարկաներ:
Վաւերագրական
Թանկարժէք նկարներ
Ներկայիս թանգարանը կազմուած է աւելի քան տասնեակ մը թանկարժէք նկարներով, գործ գլխաւորաբար իտալացի նկարիչներու:
Սոյն բաժինի հաւաքածոն սկզբնաւորումի շրջանի մէջ է: Նորագոյն հայ նկարիչներէն կը գտնուի Խաչելութիւն մը եւ Աստուածածին մը Ֆրանսահայ Շարթի եւ Ռուսահայ Այվազովսկիին Նոյի էջքը Արարատ Լեռնէն: Բիւզանդական եւ Հայկական իգոններու ճոխ հաւաքածոյ մը կը հարստացնէ թանգարանի այս բաժինը: Այսօր, ան ճոխացած է նաեւ հայ արդի կերպարուեստի զանազան ձգտումերու նմուշներով՝ Խաչիկ Ֆերմանեանի, Փօլ Կիրակոսեանի, Ժորժ Կիւվի, Էտկար Շահինի, Բիւզանդի, Թօփալեանի, Օննիկ Աւետիսեանի, Զոհրապի, Մինասի, Նորիկեանի, Ճերանեանի, Հրայրի եւ Մարտիրոսեանի:
Ահա խիստ շահեկան նկարագրութիւն մը Զմմառու վանքի թանգարանի հայ արուեստի եւ մշակոյթի անգնահատելի արժէքներուն, որոնք մեծ գուրգուրանքով անաղարտ կը պահուին դարերէ ի վեր ազգապահպան գանձերը եւ տարիէ տարի աւելի կը ճոխանան անոնք նորանոր գեղարուեստական արժէքաւոր իրերով:
Այս դարաւոր մշակութային կեդրոնը պէտք է ճառագայթէ թէ՛ հայ և թէ՛ օտար խաւերուն վրայ: Օտարը պիտի ծանօթանայ Հային մշակութային, գրական ու ազգագրական ամբողջ անցեալին, այն ամէն բաներուն որոնք գործուեցան Հային ձեռքով ի սպաս քաղաքակրթութեան: Ու եթէ Հայ այցելուն եւս այս Թանգարանէն ելլէ աւելի հայ քան երբ մտաւ, կատարած կ'ըլլանք ազգապահպանումի գործը:
Եկեղացական զարդեր
Ճոխ է թանգարանի բաժինը շուրջառներով՝ մետաքսի եւ թաւշի վրայ նրբահիւս ոսկեթել ձեռագործներով: Ասեղնագործ շուրջառներ՝ մետաքսի, սնդուսի, թաւիշի թելերով բանուած, մանրանկարչական նրբութեամբ: Մին կը կրէ բոլորաձեւ հետեւեալ գրութիւնը. «Յիշատակ է Կուտինացի Պօղոս Վարդապետին 1789»: Ուրիշ թանկագին շուրջառ մը բանուած է ալմաստէ զարդերով, ոսկեհիւս, կը կրէ հետեւեալ թուականը. «Նուիրեց տրուպն քահանայի Յովսէփ Պաղրճի Զմմառի վանքին, 1813»:
Բազմաթիւ թանկարժէք սկիհներու մէջէն հնագոյնը հետեւեալ արձանագրութիւնը կը կրէ. «Յիշատակ սկիհս... թուին 1751»: Արժէք մը թանկ կը ներկայացնէ այն սկիհը, որու բաժակին վրայ շուրջանակի ներկայացուած են վերջին ընթրիքը, ձիթենեաց պարտէզին հոգեվարքը, խաչի ճանապարհը՝ ամէն կողմէ խաղողներով ու ցորենով զարդարուած, բաժակը յեցած է սիւնակներու վրայ, պատուանդանին վերեւ կան հրեշկատներ, որոնք ծնրադիր կ'երկրպագեն: Ստորեւ կը կարդացուի հետեւեալ արձանագրութիւնը.«Յիշատակ ի Յովհ. վարդապետէ Թոփուզեան, կաթողիկոսարանին հայոց ուղղափառաց ի Լիբանան յամի Տեառն 1841»:
Կան նաեւ շատ նուրբ աշխատանքով կերտուած Յիսուս մը փղոսկրէ, ապա նրբաքանդակ միակտոր փղոսկրէ արձան մը Անարատ Յղացեալ Տիրամօր, պատուհանին՝ ներկայացուած է Աւետումը:
Կ'արժէ նաեւ յիշատակել նրբահիւս ոսկեթել թագերը թաւիշէ, մարգարտաշար թագեր, արծաթեայ կամ մետաղեայ սաղաւարտներ և ճարմանդներ, բուրվառ, քշոց, ծնծղայ, ոսկեթելերով բանուած եւ պատուական քարերով շարահիւսուած եմիփորոններ, եպիսկոպոսական գաւազաններ, վարդապետական զանազան գաւազաններ՝ մետաղէ, սատափէ, փղոսկրէ, լանջախաչեր: Արծաթէ ոսկեզօծ աւետարանի պահպանակներ, մանրաքանդակներով, հնագոյն ժամանակներէ պահուած, նկարազարդ կոնդակներ, սուլթանական և այլ շքանշաններ ու մէտալիոններ: Եւրոպական եւ հայկական սկիհներ, մասնատուփեր, սարկաւագի շապիկներ:
Այստեղ ցուցադրուած կան նաեւ Զմմառավանքի 8 Կաթողիկոսներու ձեռագիր կոնդակները: 9-րդ և 10-րդ դարերու փրկուած Ձեռագիրներու Պատառիկներ: Հայերէն, յունաէն, ասորերէն և արաբերէն Ձեռագիր մատեաններու նմուշներ: Ինչպէս նաեւ հայ տպագրութեան առաջին երախայրիքը՝ «Ուրբաթագիրք»-ը և Ոսկան Երեւանցիի Աստուածաշունչ մատեանը՝ Ամսթերտամ 1666-ին:
Դրամագիտական
Այս հաւաքածոն, պատրաստուած փրոֆ. Անուշաւան Էպէեանի աշխատանքով, կը ներկայացնէ համայնապատկեր մը հայոց պատմութեան, անոր վաւերագոյն փաստերով, մետաղեայ դրամներով, որոնք Հայաստանի վրայ իշխող հայ թէ օտար թագաւորներու յիշատակներն են: 5 ցուցասեղաններու մէջ ամփոփուած այս գանձարանը՝ կազմուած պղինձէ, արծաթէ եւ ոսկիէ դրամներով: ամբողջական պատկերն է մեր երկրին մէջ կոխուած դրամներու:
Առաջին ցուցասեղանի մէջ կը գտնուին դասաւորուած ժամանակագրական կարգով՝ Աքեմենեան շրջանէն մինչեւ Բիւզանդական շրջանի դրամները:
Երկրորդին մէջ կ'երեւին Կիլիկեան հայ դրամները Լեւոն Ա.- Լեւոն Գ.:
Երրորդն ալ դարձեալ կը պարունակէ Կիլիկեան շրջանի դրամները, Օշինէն – Լեւոն Ե.: Այստեղ կան նաեւ ափ մը հին դրամներ 7-րդ դարէն, որ կը պատկանին Բիւզանդացի Հերակլ կայսեր որ հայ ազգի էր: Ասոնք՝ գտնուեցան 1961-ին, Զմմառի բլուրին վրայ երբ նոր Կղերանոցը կը կառուցուէր. գործաւորները որ հիմերը կը փորէին, երեւան հանեցին կաւէ կուժ մը, մէջը լեցուն հին դրամներ:
Չորրորդի մէջ կ'երեւին Օրթոքիթներու, Շահի Արմէններու եւ խաչակիրներու երեւան հանած դրամները:
Հինգերորդ ցուցասեղանին մէջ պահուած են արաբական, սելճուքեան, մոնկոլ եւ թաթարական դրամները:
Ասկէ զատ կայ ցուցասեղան մը, ուր կը գտնուին Փիւնիկէի մէջ գործածուած դրամները, Մեծն Աղեքսանդրէն՝ մինչեւ արաբական եւ Օսմանեան շրջան, ամբողջական հաւաքածոյ մը:
Վերջին ցուցասեղանը յատկացուած է Հռոմէական կայսրութեան դրամաշարքի: Իւրաքանչիւր ցուցասեղանի մէջ կը գտնուին շուրջ երկու հարիւր կտոր:
Առանցին տեղ կը գրաւէ Լեւոն Ա Հայոց Թագաւորի շրջանէն երկու սուրեր՝ գտնուած Սիս քաղաքին մէջ:
Հնագիտական
Հայաստանի և շրջակայքի պեղումներէն գտնուած ժամանակագրական շարքով դասաւորուած և Հայոց պատմութեան հետ աղերս ունեցող յիշատակութիւններ են: Այս հաւաքածոն կը բաղկանայ տասը ցուցադարաններէ.
Առաջինը կը բաղկանայ Ասորա - Պապիլոնական առարկաներ, 3000 – 485 Ն.Ք. թուականները:
Երկրորդ ցուցադարանը Հիթիթական շրջանը կը ներկայացնէ 2000 – 700 Ն.Ք.:
Երրորդը կը ցուցադրէ կենդանակերպ առարկաններ Հայաստանի մէջ, 1200 – 100 Ն.Ք.:
Չորրորդը կը վերաբերի հայոց դիցաբանութեան, 800 – 100 Ն.Ք.:
Հինգերորդը կը ներկայացնէ Յունա – Հռոմէական շրջանը Հայաստանի մէջ, 300 Ն.Ք.-300 Յ.Ք.:
Վեցերորդը կը հասցնէ մեզ հայկական միջին դարի, Ժ. – ԺԳ. Դար:
Եօթներորդ ցուցադարանի մէջ զետեղուած են հազուագիւտ դրամներու հաւաքածոյ մը՝ ոսկի, արծաթ և պղինձ:
Ութերորդը՝ կը ծանօթացնէ մեզ հայկական արծաթէ գործերու նմուշներուն, ժԷ. – ԺԸ. Դար:
Իններորդը ցոյց կու տայ մեզի հայկական յախճապակիի տիպարներ, մանաւանդ Քէօթահիայի գործեր, ԺԸ. Դարու:
Տասներորդ և վերջին հնագիտական ցուցադարանը կը բովանդակէ Փիւնիկեան առարկաներ 2000 Ն.Ք. – 200 Յ.Ք. :