Ո՜վ ցաւագին Տիրամայր, ահա քու առջեւդ կը խոնարհիմ իբր խեղճ մեղաւոր: Ընդունէ՛ աղօթքներս եւ արցունքներս:
Ողջոյն քեզ Մարիամ...
Ո՜վ ցաւագին Մարիամ, բարեխօսէ՛ ինծի համար, որ քեզի կը դիմեմ: Ո՜վ ցաւագին Տիրամայր, հոգիս յուսահատ է եւ կարիքներու բեռին տակ կքած: Զօրացո՛ւր եւ մխիթարէ` զիս զաւակդ: Կը սիրեմ քեզ եւ կը պաղատիմ քեզի:
Ողջոյն Քեզ Մարիամ...
Ո՜վ ցաւագին Մարիամ, բարեխօսէ՛ ինծի համար, որ քեզի կը դիմեմ: Ո՜վ ցաւագին Տիրամայր, սրտիս մէջ կը ծագի յոյսը՝ թէ զիս պիտի լսես անպայման: Այս է շնորհքը (...) որ կ'ակնկալեմ քեզմէ եւ ամբողջ սիրտս կը նուիրեմ քեզի:
Ողջոյն Քեզ Մարիամ...
Ո՜վ ցաւագին Մարիամ, բարեխօսէ՛ ինծի համար, որ քեզի կը դիմեմ: Ամէն: