Բնութիւնը իր բոլոր բարիքներով եւ հրաշալի տեսարաններով օժտած է Զմմառի վանքը. լեռ, ծով, մշտադալար ծառեր, կապոյտ երկինք եւ
ամփոփումի նպաստող լռութիւն: Զմմառի կատարէն մինչեւ Միջերկրականի կապոյտը, փռուած է կանաչ թաւիշը պատմական մայրիներուն Լիբանանի: Համայնապատկեր մը հրաշալի եւ զգլխիչ՝ գերբնական ու նկարագրութենէ վեր զգացում մը մարդ կ՛ունենայ լուսադէմին կամ մայրամուտին, երբ կը հնչէ խմբերգը վանական զանգակներուն, արձագանգ տալով հեռակայ բլուրներուն:
Զմմառի Վանքի կարմիր կղմինտրէ տանիքներուն վրայ, ամէն առաւօտ թռչուններ կը դայլալեն՝ կարծէք կ'երգեն փառքը Արարչին:
Իր հնամենի աւանդութեան համաձայն, ամբողջ տարւոյն ընթացքին, Զմմառու վանքը գրկաբաց և սիրով կ'ընդունի դպրոցական, համալսարանական և ուսումնասիրական խումբեր, նաեւ սկաուտական և պատանեկան շարժումներ, որոնք կու գան թրծուելու հոն տիրող հոգեւոր մթնոլորտէն:
Զանազան հիմարկներու պաշտօնէութեան կամ ուսուցչական կազմի համար կը կազմակերպուին նաեւ յատուկ դաստիարակչական լսարաններ: Նախօրօք առնուած ժամադրութեամբ՝ Զբօսաշրջութեան, Մշակութային Նախարարութեանց և Հայաստանի Դեսպանատան կողմէ ուղարկուած զբօսաշրջիկ խումբեր եւս յաճախ կ'այցելեն վանքիս եկեղեցին, թանգարանը, Մատենադարանը և գինեմառանը ու հիասքանչ և տպաւորուած կը մնան անոր հնամենի պատմութեան, թանգարանային արժէքաւոր իրերուն և հնատիպ մատեաններուն վրայ:
«Վերափոխեալ Սուրբ Կոյսին» փառքին նուիրուած գեղակառոյց տաճարին մէջ, եւ անոր կամարակապ ու գմբեթարդ յարկին տակ, սրբակեաց հայրապետներու եւ անձնուէր վարդապետներուն հոգին կը սաւառնի եւ հայ շարականներու հոգեշունչ երգերն ու մելանոյշ մեղեդիները կ'արձագանգեն: Անոնք տարուան բոլոր եղանակներուն, ամէն ազգէ ուխտի եկող բարեպաշտ հաւատացեալներուն հոգին կը պարարեն եւ անոնց միտքը, խորհուրդներու աշխարհը կ'առաջնորդեն դէպի Աստուած:
{gallery}hospitality/1{/gallery