Զմմառու վանքը ունի այգեստաններուն եւ անտառներուն կողքին ցանկապատուած եւ կանաչապատուած նոր Կազդուրման վայր մը, որ առիթ
կ'ընծայէ վանք այցելողներուն եւ ուխտաւորներուն անդորրանալու գեղեցիկ բնութեան ծոցին մէջ: Կազդուրման վայրի մուտքին՝ զետեղուած է կրպակ մը զօվացուցիչ խմիչքներու եւ ուտելիքներու, ուր կը վաճառուին թոնիրի վրայ պանիրով եւ ծոթրինով խմորեղէններ: Կազդուրման վայրը կը տրամադրէ նաեւ վրանածածկ աթոռ-սեղան, ունի նաեւ ընդարձակ դաշտ մը, ուր ամէն տարիքի մարդիկ կարող են մարզանք ընել: Նոյն վայրին մէջ «քերմես» կը կազմակերպուի տօնական առիթներով:
https://bzommarvank.com/hospitality/384-2016-10-04-11-35-04#sigFreeIda834f137f2