Կիրակի 18 Օգոստոս 2019-ին, առաւօտուն, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման և մայրավանքի անուանակոչութեան տօնին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերեջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայրապետական Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցանեց «Երանելի Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ:
Արարողութեան սկիզբը՝ Ամենապատիւ և Գերերաջանիկ Հոգեւոր Տէրը «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ՝ հանդիսաւոր թափօրով յառաջացաւ դէպի խորան, շրապատուած Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց և Կղերական դասով և միաբան Հայրերով:
Պատարագին ներկայ էին Հ. Կ. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց և Կղերական դասը, Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդը, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, Անարատ Յղութեան Առաքինզարդ Քոյրերը և երեք դպրեվանքերու սաները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Կռունկ երգչախումի կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Տիար Գէորգ Քէշիշեանի: Ս. Մեսրոպի Սկաուտական և ՀԿՄ Պատանեկան խումբերը, ինչպէս նաեւ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ շեփորախումբը իրենց մասնակցութիւնը բերին եւս օրուան տօնակատարութեան:
Հոգեւոր Տէրը քարոզի ընթացքին՝ անդրադարձաւ Տիրամօր ներկայութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ և ըսաւ. «Այսօր կը տօնենք Եկեղեցւոյ և մեր բոլորին Մօր տօնը: Կը հրճուինք այսօր, որովհետեւ մեր Մայրը երկինք վերափոխուած է հոգւով և մարմնով: Յիսուսի մայրը արարածներէն առաջինն է, որ երկինք վերափոխուեցաւ հոգւով և մարմնով: Ս. Յովհաննէս Առաքեալը յայտնութեան գիրքին մէջ կը վկայէ թէ տեսիլք մը ունեցած է, որու համաձայն՝ մեծ նշան մը երեւցած է երկնքի մէջ, կին մը շրջապատուած արեգակով և ոտքին տակ լուսինը, գլխուն վրայ թագ մը՝ տասներկու աստղերով, անիկա Տիրամայրն է երկնքի փառքին մէջ»: Հոգեւոր Տէրը յիշեցուց, թէ ինչպէս «Առաջին կինը՝ Եւան դուրս վտառուեցաւ երկրաւոր դրախտէն, սակայն Մարիամ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեամբ՝ Երկնքի Արքայութեան դռները բացաւ, ո՛չ միայն իրեն, այլ՝ ամէնուս համար: Այսօր, մենք եւս Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրելու ենք, որուհետեւ «Հայր Մեր» աղօթքին մէջ քանի՜ անգամ «Եղիցին կամք քո» կ'ըսնենք, սակայն իրականին մէջ՝ մեր կամքն է որ կը կատարենք: Ս. Աստուածածինը մեր բոլորին վրայ կը հսկէ. ինչպէս որ Մեծ Եղեռնին՝ երբ մեր մէկ ու կէս միլիոն հայորդիները անապատին մէջ ցիր ու ցան դարձած դէպի մահ կ'առաջնորդուէին, Մարիամ իբրեւ Մայր, չէր կրնար իր երեսը դարձնել անոնցմէ, քանի ինքն ալ աքսոր և տեղահանութիւն տեսած էր, երբ Մանուկ Յիսուսը ազատելու համար Եգիպտոս փախաւ, հեթանոս ժողովուրդին մօտ: Այսօր՝ Միջին Արեւելքի մէջ ականատես ենք նման դէպքերու: Ասով հանդերձ մեր հաւատքը չկորսցնենք, չյուսահատինք: Հաւատքը գանձ մըն է, ապրինք մեր պապերէն ժառանգած հաւատքը: Ապրինք այն յոյսով, որ Աստուած մեզի հետ է մինչեւ աշխարհի կատարածը»: Հայրապետը իր եզրափակիչ պատգամին մէջ Ս. Աստուածածնին բարեխօսութիւնը խնդրեց, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու մնան ամէն տեսակ փորձանքներէ, առողջութիւն պարգեւէ հիւանդներուն եւ ամրացնէ մեր ազգն ու հայրենիքը, առաջնորդելով դէպի փայլուն ապագայ:
Սուրբ և Անմահ պատարագի աւարտին, համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերու կանոններուն՝ Հայրապետը կատարեց խաղողի օրհնութիւնը, որմէ ետք ուխտաւոր ժողովուրդը աջահամբոյր կատարեց եւ ստացաւ աստուածային բարիքներու խորհրդանիշ հանդիսացող օրհնուած խաղողի առաջին ճիռերը: