Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ի, Կէսօրուայ ժամը 12-ին, Զմմառու վանքի Փոխման Ս.Կուսին Մայր եկեղեցւոյ մէջ , Նախագահութեամբ` Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս- Պատրիարքի, պատարագ մատոյց Ս. Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ` Գեր.Գրիգոր Վրդ.Պատիշահ:
Ներկայութեամբ` Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Վանքի Մեծաւոր Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի, հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու եւ կղերից դասին, քոյր դպրեվանքերու տեսուչներու, հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէնութեանց, եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի մեծ ընտանիքին:
Ժամը 1-ին, ընծայարանի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ:
Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան սարկաւագները, ժառանգաւորներն ու Նորընծաները հնչեցուցին ընծայարանի քայլերգ (Օ'ն դու ակումբ) ը: Հայերէն լեզուով ողջոյնի խօսքը արտասանեց նորընծայ Աբրահամ Իսահակեան, իսկ Արաբերէնով՝ Յովիկ Գոյունեանը:
Սարկաւագներ` Կարապետ Գլընճեանի, Պետրոս Մարաշլեան, Վարդան Ճալլուֆ եւ Լեւոն Ստեֆան հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ընթերցեցին` Վկայութիւններ Զմմառու Վանքի մասին . Ժառանգաւորներ Էտի Շահպազեան հայերէն եւ Նշան Հաննէշեան Ֆրանսերէնով ընթերցեցին:
Խանդավառ մթնոլորտէ մը ետք, Տեսուչ Հայր Սուրբ Գեր.Գրիգոր Վրդ.Պատիշահ խօսք առնելով ներկայացուց 2019-ին ընծայարանի արձանագրած ձեռքբերումները. Ըսելով. “2019-ն, Դպրեվանքի տարեգրութեան մէջ` յիշարժան թուական մը հանդիսացաւ. Ուր բազում ձեռքբերումներ արձանագրեցինք, որոնցմէ կարեւորագոյնը` Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութիւնը համալրուեցաւ չորս մրաբան Սարկաւագներով, որոնք վեցամսեայ պատրաստողական դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Սեպտեմբերի (14) ին, Ձեռամբ` Ամեն. եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Հայրապետին, ստացան Սարկաւագական ձեռնադրութիւնը :
Տրուած ըլլալով, որ ժառանգաւորաց բաժնի պաշտպան` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի ծննդեան 150-ամեակն էր, Դպրեվանքի մեծ ընտանիքի նախաձեռնութեամբ` կազմակերպեցինք եւ բարեյաջող ձեւով լրումին հասցուցինք, Երանելիին նուիրուած` Յուշ Երեկոյն :
Եւ որովհետեւ ընթացիկ տարին կը յատկանշուի` Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան հիմնադրութեան 270-ամեակով` ուստի դպրեվանքիս (կանչ հրեշտակապետին) ձօնեցինք, զոյգ յոբելեաններուն:
Իսկ տարին պիտի փակենք սոյն Սարկաւագներուն վարդապետական ձեռնադրութեամբ` անշուշտ բարեխօսեամբ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի”: Իսկ փոխտեսուչ ` Գեր.Տիգրան Վրդ. Փիլիպպոսեանը արաբերէն լեզուով խօսք առաւ:
Եղբ.Սահակ Պօղոսեան հրաւիրեց Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը կատարելու ընծայարանի պաշտօնաթերթ (կանչ հրեշտակապետին) ին 20-րդ համարի գինեձօնը:
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը, Վանքի Մեծաւորը, տեսուչ, փոխտեսուչը եւ վանքի վարչական հայրերը Գինեձօնէն ետք հատեցին օրուայ կարկանդակը, որմէ ետք մեծաւոր Հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց վեր առնելով Լիբանանը յուզող հարցերը եւ թախանձագին խնդրեց, որ ժամ առաջ Լիբանանեան հայրենիքը գտնէ իր անդորրը, ինչպէս եւ ընծայարանի Սաներուն պատգամեց ըլլայ նուիրեալ հոգեւորականներ միշտ իրենց աչքին առաջ ունենալով Յիսուս-Քրիստոսը որպէս փրկութեան աղբիւր:
Այնուհետեւ Ամենապատիւ և Գերերջանիկ հոգեւոր Տէրը իր հայրական խրատներով կը յորդորներով լիացուց նորօծ Սարկաւագներու սրտերն ու հոգիները եւ աղօթքով եզրափակեց ընծայարանի պաշտպան Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին տօնակատարութիւնը: