Կիրակի, Մայիսի 19-ի, երեկոյեան, Զմմառու Վանքի հասարակութիւնը ժամանեց Զահլէի Տիրամայր Ֆաթիմայի եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, զոր մատոյց Գերպծռ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանը՝ Պատրիարքական փոխանորդը Զմմառու Կղերի Միաբանութեան։

Մեծ ուրախութեամբ կ՛աւետենք ձեզի, որ լոյս տեսաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան «Զմմառեանք ի սփիւռս աշխարհի- Զուարթնոց» հոգեւոր եւ հովուական հանդէսը՝ 2017-2018 տարիներու միացած համարներով:
Նախագահութեամբ՝ Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետին՝ Երեքշաբթի, 23 Ապրիլի, առաւօտեան ժամը 11-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատոյց` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան փոխանորդ՝ Գերպծռ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանը, Գերյարգելի Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեանի հոգեհանգիստին համար ապա թաղման կարգը, որմէ ետք` Զմմառու Մայրավանքին մէջ` յուղարկաւորութեան կարգը, ապա հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Միաբանական Դամբարանը:
Շաբաթ 11 Նոյեմբեր 2018-ին, լոյս տեսաւ` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի 《կանչ հրեշտակապետին》 տարեգիրքի 19-րդ համարը, ձօնուած` դպրեվանքի բարերարներէն` Միքայէլ Աղա Յովհան Բաբումեանի մահուան 225-ամեայ յոբելեանին: