Վանքին հնագոյն մասերէն է: Ծրագրուած էր արդէն Յակոբ Պետրոս Բ.ի օրով, մինչ հայրապետներու Վեհատան առաջին վեց խուցերն ու սրահը կը կառուցանէին: Միքայէլ Պետրոս Գ. վայն կառոյց 1771ին, «կամարակապ եւ գմբեթայարկ»: Ճակատին վրայ կը կրէ հետեւեալ արձանագրութիւնը (հայերէն եւ արաբերէն)
Կամօք հրամանի երկրպագելի միասնական Երրորդութեան
Եւ ձեռնտու արագահաս Միջնորդի նորին օգնութեան
Կերտեալ եղեւ տունս այս նորա ի գոհութեան
Ձեռամբ հանուրց Հայրապետին ուղղադաւան մերոյ ազեան
Սրբազան Միքայելի կաթողիկոսի Պետրոսի երրորդեան
Յանուն կուսի մաքրագունի տունս սրբութեան
Յամի Տեառն 1771 ՌՄԻ
Եկեղեցիին երկայնքն է 18 մեթր, լայնքը՝ 8 մեթր: Մինչեւ գմբեթի խարիսխը՝ 8.50 մեթր բարձր. Մինչեւ գմբեթին ծայրը՝ 7.50 մեթր: Ընդհանուր բարձրութիւնն է 16 մեթր:
Բաժնուած է, հայկական սովորութեան հանենատ՝ երեք մասերու բեմ, դաս, խմբարան: Բեմի տարծութիւնն է 42 քա.մ. : Դասին տարածութիւնը՝ 60 քա.մ. : Խմբարանին տարծութիւնը 40 քա.մ. : Ընդհանուր տարածութիւն՝ 142 քա.մ.:
Գմբէթը դուրսէն չ՛երեւիր, կղմինտրէ ծածկի տակ պահպանուած ըլլալով, 1802ին կայծակ մը երբ զայն կործանեց:
Գմբեթին շուրջ շարուած 12 Առաքեալները Հռոմէն բերուած են Բարսեղ Պետրոս Դ.ի օրով (1780-1788): Գմբէթին ներքին մակերեսը զարդարուած է ճառագայթաձեւ աղաւնիով եւ հայկական մանրանկարչական զարդերով 1945ին, Յարութիւն Կալեցին կողմէ:
Դասին վերեւ, գմբեթին չորս Աւետարնիչներու իւղանկարները: Ակնառու է յատկապէս Յովհաննէս Աւետարանիչի իւղանկարը, գործ՝ իտալացի նկարիչ Վինչենցոյ Միլոնէի, 1785:
Աւագ Խորանը նուիրուած է Վերամփոխեալ Ս. Աստուածածնի: Մեծադիր իւշաներկը Հռոմէն ապսպրուած է Միքայէլ Պետրոս Գ.ի կողմէ: Գործն իտալացի նկարիչ Փիէթրոյ Լապրուծծիի, 1780:
Աւագ Խորանին առջեւ, դասին ներքեւ՝ ամփոփուած են աճիւններե հինգ Հոգելոյս Կաթողիկոսներու, որոնց վերեւ կը հսկեն մշտավառ կանթեղներ:
Եկեղեցին որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած է 1946ին:
Աւագ Խորանին աջին ու ձախին նախապէս գտնուող երկու խորանները – որոնցմէ մին նուիրուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, իսկ միւսը՝ Ս. Յովսէփ Աստուածահօր – վերցուած են՝ անցք բանալու համար դէպի աւանդատուն: Ջնջուած խորանները իրենց Սուրբերով եկած գրաւած են կողմնակի երկու խորանները, աջ ու ձախ, որոնք նախապէս նուիրուած էին Ս.Անտոն Պատուացիի եւ Քարաւանի հոգիներուն. Անոնց իւղանկարները Իտալիոյ Լիխոռնոյ քաղաքէն բերուած էին 18րդ դարուն, եպ այժմ կը գտնուին Աւանդտան մէջ:
Դասին մէջ, Պատրիարքներուն դամբանոն դիմաց զետեղուած է Պատրիարքական Գահը, սեւ եփենոսէ փորագրուած աշխատաքներով: Դասին մէջ կառուցուած է Ս.Սիրտ Յիսուսի խորանը, 1965ին, որուն կողքին բացուած հին դռնակ մը կը միացնէր եկեղեցին Հայրապետանոցին:
Խմբարանին մէջ կը գտնուին Լուրտի Խորանը: Ան կառուցուած է 1895ին Անդրէաս Գերպ. Աղեքսանդրեանի մեծաւորութեան օրով որպէս շնորհակալութիւն 1894ի հրաշագործ ազատումին՝ կայծակէ մը: Հայկական զարդանկարները ու հրեշտակիկները աւելցուած են 1945ին, Յարութիւն Կալենցի կողմէ: