Ս. Պատարագի և ժամերգութեանց կարգաւորութիւններ
Զմմառու վանքին մէջ, Ս. Պատարագի մատուցումը և ժամերգութեանց կարգաւորութիւնը առաջին տեղը կը գրաւեն հասարակութեան հոգեւոր կեանքին մէջ: Կը կատարուին ամբողջ տարուան ընթացքին, մասնակցութեամբ վանքի կղերական դասին, ժառանգաւորներուն և հաւատացեալներուն:
Կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 8-ին, կը մատուցուի թիւ Ս. Պատարագ, իսկ 10:30-ին, Ձայնաւոր Ս. Պատարագ:
Կիրակի՝ Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, Օրհնութիւն Ս. Հաղորդութեան:
Վարդարանի աղօթքը կը կատարուի Չորեքշաբթի և Ուրբաթ օրերը, երեկոյեան:
Իսկ ամսուայ առաջին ուրբաթի երեկոյին՝ Ս. Ժամ կամ երկրպագութիւն Ս. Հաղորդութեան:
Ամիսը անգամ մը՝ Աւետարանական երեկոյթ Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան համար:
Մայիս ամսոյն՝ Վարդարանի աղօթք, իսկ Յունիսին՝ Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ջերմեռանդական աղօթքներ:
1- Քառասնորդաց Մեծ Պահք
Զատկի մերձաւոր պատրաստութիւնը՝ Քառասնորդաց Մեծ Պահքն է, որ կը կատարուի ի յիշատակ Քրիստոսի քառասնօրեայ ծոմապահութեան: Քառասնորդաց Պահքի շրջանին ծոմապահութեան եւ աղօթքի առընթեր կը կատարուին Արեւագալի և Խաղաղական Ժամերգութիւնները, իսկ ամէն Ուրբաթ՝ «Ճանապարհ Խաչի»:
2- ԾաղկազարդԾաղկազարդի տօնին՝ եկեղեցին կը զարդարուի յատկապէս ձիթենիի և արմաւենիի ճիւղերով, ի յիշատակ Յիսուսի փառաւոր մուտքին Երուսաղէմ: Ս. Պատարագի աւարտին՝ վանքիս հասարակութիւնը թափօր կազմած կ'ուղղուի հրապարակ, անդաստան կատարելու, իսկ կէսօրէ ետք տեղի կ'ունենայ Դռնբացէքի հնամենի արարողութիւնը:
3- Աւագ Շաբաթ եւ Ս. ԶատիկՍուրբ Շաբաթուան ընթացքին, Աւագ Հինգշաբթի օրը կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւն, ի յիշատակ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին, 12 Առաքեալներուն հետ՝ Վերնատան մէջ: Վանքի Մեծաւորը կը կատարէ Ոտնլուան: Այս առթիւ Զմմառու գիւղէն տղաներ կը փութան վանք, առաքեալներու դերը կատարելու: Նոյն երեկոյին, վանքիս մայր տաճարը կը մերկացուի իր բոլոր զարդերէն և սեւ շղարշներով կը ծածկուի, հսկում կատարելու համար Խաւարման Գիշերին, ի յիշատակ Յիսուսի Մատնութեան և Ս. Չարչարանքներուն: Մինչեւ լոյս կը կատարուի հսկումի Ժամերգութիւն և Յիսուսի Ս. Չարչարանքներուն Աւետարաններուն ընթերցում: Այս միակ օրն է ամբողջ տարուան մէջ ուր պատարագ չի մատուցուիր: Աւագ Ուրբաթ տեղի կ'ունենայ Յիսուսի Թաղումի արարողութիւն, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ: Աւագ Շաբաթ՝ Զատկի Ճրագալոյցին, մարգարէութեանց ընթերցումները կը կատարուին, ապա կը մատուցուի Յարութեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ: Իսկ Զատկուայ Կիրակի առաւօտուն՝ Ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ վանքի Մեծաւորը, որմէ ետք բոլորը թափօրով կ'ուղղուին վանքի դահլիճը, ուր վարչութիւնը կ'ընդունի շնորհաւորութիւնները եւ տեղի կ'ունենայ հիւրասիրութիւն, հաւկթախաղ եւ նուէրներու բաշխում:
4- «Մեռելոց Օր»
Հայ ծէսի մէջ տարին հինգ անգամ տաղաւար տօներուն՝ կը յաջորդէ «Մեռելոց Օր», ուր կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն Միաբանութեանս ննջեցեալ կաթողիկոսներուն, եպիսկոպոսներուն և վարդապետներուն հոգիներուն համար: Նոյն առիթով, Ս. Պատարագի աւարտին՝ կ'օրհնուի Միաբանական գերեզմանոցը:
Ուխտի Օր
Մայիս ամսուայ վերջին կիրակին՝ աւանդական Ուխտի օրն է դէպի Զմմառու վանք: Հայ Կաթողիկէ բոլոր ժողովրդապետութիւններէն ժամանած հոգեւորականեր ու հաւատացեալներ կը մասնակցին անոր, կազմակերպութեամբ Վանքիս Վարչութեան եւ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Ս. Մեսրոպի Սկաուտներուն և ՀԿՄ Պատանեկան շարժումներուն:
6- Վերափոխման Տօն
Վանքին անուանակոչութեան տօն հանդիսացող՝ Սրբոյ Կուսին Մարիամու Վերափոխումը, մեծ շուքով կը տօնախմբուի ամէն տարի:
Նախօրօք երեքօրեայ Հոգեւոր Կրթութիւն կը կազմակերպուի վանքին մէջ, բոլոր միաբաններու մասնակցութեամբ:
Տօնին օրը, վանքիս գլխաւոր հրապարակին վրայ՝ բացօթեայ և վրանածածկ խորանի վրայ Հայրապետական Ս. Պատարագ կը մատուցուի և Խաղողօրհնէք կը կատարուի:
7- Տօն Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետի
Զմմառու վանքին յատուկ է Հրեշտակապետաց եւ յատկապէս Ս. Միքայէլի տօնը, որ կը կատարուի Ս. Խաչի տօնին յաջորդ ութերորդ Շաբաթ օրը: Այս տօնը՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Կղերանոցի անուանակոչութեան տօնն ալ ըլլալով, Կաթողիկոս, Եպիսկոպոս և Վարդապետներ կը համախմբուին Ընծայարան, կղերիկոսներուն հետ միասին նշելու զայն:
8- Ս. ԾնունդԴեկտեմբեր 24-ի երեկոյեան, Ճրագալոյց է Ս. Ծնունդին: կը կատարուին յաջորդաբար Մարգարէական ընթերցումներ, ապա կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ և կ'օրհնուի Յիսուս-Մանկան մսուրը: Երեկոյեան՝ վանքի հասարակութիւնը, նորընծաներու ծնողներուն հետ, Խթման ընթրիք կը կատարեն եւ Կաղանդ Պապան կ'ուրախացնէ ներկաները իր նուէրներով: Դեկտեմբերին 25-ին, Ս. Ծննդեան Ձայնաւոր Պատարագէն ետք՝ ներկաները թափօրով կ'ուղղուին դէպի վանքին դահլիճը, ուր տեղի կ'ունենան Տնօրհնէք եւ շնորհաւորութիւններ:
9- ՏեառնընդառաջԾննդեան տօնէն քառասուն օրեր յետոյ, կը տօնախմբուի Տեառնընդառաջը: Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին՝ տեղի կ'ունենայ նախատօնակ: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ, հինաւուրց աւանդութեան համաձայն, խարոյկ կը վառեն և անդաստան կը կատարեն կրակի շուրջ: Անդաստանի ժամանակ, կ'օրհնուին աշխարհիս չորս կողմերը. Արեւելեան կողմի քրիստոնեայ թագաւորութիւնները, Հարաւային կողմի երկիրները, անդաստանները եւ տարւոյն պտղաբերութիւնը: Հիւսիսային կողմի քաղաքները, գիւղերը, վանքերը, մենաստանները եւ հոն բնակող ժողովուրդները:
Առաւօտեան Ս. Պատարագի ընթացքին՝ կը կատարուի մոմեղինաց օրհնութիւն: