Դասընթացքներ
Առաջին շրջանին, ընծայարանի աշակերտները կ՛ուսանէին լեզուներ. Հայերէն (գրաբար, աշխարհաբար), լատիներէն, իտալերէն, արաբերէն եւ թրքերէն: Ապա կը սերտէին ճարտասանական արուեստը, ա՛յնքան կարեւոր ապագայ քարոզիչներու համար: Հուսկ կը սորվէին իմաստասիրութիւն, բարոյական աստուածաբանութիւն, ծիսական եւ արարողական գիտելիքներ: Շատ մը Պատրիարքներ անձամբ կը դասաւանդէին կարգ մը նիւթեր, մօտէն հետեւելով ապագայ միաբաններու դաստիարակութեան:
Յետագային, սոյն դասացուցակը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, օրուան պահանջքներուն համաձայն: Քաջաքոյն աշակերտները, մինչեւ 1934 ղրկուեցան Փրանկիսկեանց վանքը (Հարիսա), Յիսուսեան Հայրերու կղերանոցը (Ղազիր), Ուրբանեան Վարժարանը (Հռոմ), Վերափոխման եշբայրներու կղերանոցը (Պոլիս), Յիսուսեանց համալսարանը (Պէյրութ): 1934 թուականէն ետք, բոլոր ուսանողները ղրկուեցան Հռոմ, Լեւոնեան Հայ վարժարանը, եւ յաճախեցին տեղւոյն համալսարաները, ուր կ՛աւրտեն իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքները:
1948ին կրթական կեդրոններու աւելի մօտ ըլլալու համար, կառուցուեցաւ Ճիւնիի Նորընծայարանը: Իսկ 1961ին, արդեամբ Ամեն. Ամեն. Աղաճանեան եւ Պաթանեան Հոգեւոր Տէրերուն, Զմմառի մէջ բարձրացաւ Ընծայարանի նոր շէնքը: Իսկ Գրիգոր Պետրոս Է.ի կառուցած ընծայարանի նախկին շէնքը, փոփոխութիւններու ենթարկուելով՝ դարձաւ Մատենադարանի ներկայ վայրը:
Ժառանգաւորաց Վարժարանը (1791)
Զմմառ՝ Պատրիարքական Միաբանութեան Աթոռ ըլլալով, ունենալու էր իր ժառանգաւորաց Վարժարանը, հոն կրթելու համար ապագայ միաբաններն ու առաքեալները:
Միքայէլ Պետրոս Գ.ի օրով, 1774ին ընծայարանը արդէն իսկ ունէր իսկ ունէր 18-19 աշակերտ, որոնցմէ մէկ մասը կը պատկանէր Անտոնեան Միաբանութեան, միւս մասը՝ Աթոռի Միաբանութեան:
Պատրիարքները առաջին օրէն հետամուտ եղած են իրենց Աթոռը օժտելու յատուկ շէնքով մը, ուր ժառանգաւորները պատրաստուէին իրէնց յարմար միջավայրին մէջ: Բայց անտեսական նեղ պայմանները միշտ ուշացուցած էին այդ ծրագրին իրագրծումը: Սակայն զայն իրագործելու պատիւը վերապահուեցաւ Գրիգոր Պետրոս Ե.ի: Իր նախորդ Պատրիարքներուն հանզանակած գումարով՝ ան ձեռնարկեց ընծայարանի շէնքի շինուլեան 1789ին: Զայն զետեղեց Վանքի հարաւակողմը, ժայռաբլուրի մը վրայ, զոր հարթեց որպէսզի կլիմայական լաւագոյն պայմաններու մէջ ապրին ժառանգաւորները: Շէնքը բարձրացաւ երկյարկանի, քսան սենեակներով եւ երկու ընդարձակ ուսումնարաններով:
Մատարասցի Հայազգի բարերար Միքայէլ Աղա Բաբումեան մեծապէս օգնեց գործին, որ ծաւալ առաւ հետզհետէ հասնող նպաստներուն համեմատ: Շէնքը աւարտեցաւ 1797ին, թէեւ աշխատանքները շարունակուեցան մինչեւ 1810: