Ո՛վ Յիսուս, հովիւ քաջ եւ բարի, որ քու զաւակներէդ ոչ մէկուն կորսուիլը կ'ուզես եւ անձկագին կը փնտռես մոլորեալ ոչխարը:
Դուն որ կը տեսնես վտանքուած հոգիներու բազմութիւնը, զրկուած՝ հոգեւոր խնամքէ:
Թախանձագին կը խնդրենք որ բազմաթիւ վեհանձն պատանիներ յարուցանես մեր ընտանիքներուն մէջէն՝ որոնք ծարաւն զգան աւետարանական կատարելութեան, հրապուրուին նուիրումի ազնիւ գաղափարականէն, բաղձան նուիրուիլ հոգիներու փրկութեան սուրբ գործին:
Գիտենք որ անթիւ հաւատացեալներ կան քրիստոնեայ ազգերու մէջ, որոնք կ'ուզեն աւելի ճանչնալ ու սիրել քեզ, իսկ անհաւատներու մօտ՝ բարի կամքով լեցուած բազմաթիւ հոգիներ՝ որոնք կը սպասեն ազնիւ խօսքի մը՝ ընդունելու համար քու խաղաղութեանդ պատգամը:
«Հունձքը առատ է, բայց մշակները քիչ»:
Կ'աղաչենք քեզի, որ մշակներ յարուցանես քու այգիիդ համար, որոնք ըլլան առաքեալներ, դաստիարակներ, աղօթքի նուիրուած հոգիներ, հասնին աշխարհի անսահման կարիքներուն ու անսակարկ ծառայեն Քեզի, Եկեղեցւոյդ ու մեր Ազգին. Ամէն: